«Աստղերու հաւատքով» գիրքը, Գալիֆորնիոյ հասարակական-քաղաքական կենաքի մէջ կարեւոր հեղինակութիւն ունեցող գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան (Ալեքս Յովսէփեան) բանաստեղծութիւուններու առաջին գիրքն է: Հեղինակը գեղարուեստական լեզուով ցոյց կու տայ աշխարհի, մարդոց, բնութեան հետ իր կապը, կը ներկայացնէ զգացմունքներ, որոնք ապրուելով դարձած են բանաստեղծութիւուններ: Ան, բանաստեղծութիւն գրելը եւ ընդհանրապէս՝ ստեղծագործելը, այսօրուայ դաժան ու նիւթականացած աշխարհի կարգերու դէմ պայքարի միջոցներէն կը համարէ: Հիւթեղ բառապաշարով գրուած գիրքին մէջ կը զգանք արեւմտահայ բանաստեղծութեան ոգին, որ այսօր նոր շունչ կը ստանայ արեւմտահայերէնով ստեղծագործողներու շնորհիւ: Վիգէն Յովսէփեանը, ստեղծելով այս գողտրիկ գրականութիւնը, ոչ միայն իր ներաշխարհը կը բացահայտէ, այլեւ՝ ընթերցողին կը փոխանցէ արեւմտահայերէնը պահելու, փայփայելու եվ խօսելու հրամայականը: Ընթերցողը անոր մէջ կը գտնե սիրոյ, կարօտի, բաժանման, հիասթափութեան եվ ի վերջոյ՝ անկեղծ ապրելու եվ նուիրուելու վեհ եվ մարդկային զգացմունքներ:

Reviews

There are no reviews yet.

Be the first to review “Աստղերու հաւատքով | Վիգէն Յովսէփեան”

Ձեզ էլ. հասցեն չի հրապարակվելու: Պարտադիր դաշտերը նշված են

Կարող է հետաքրքրել...