Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին (1925-2009) 1976 Դեկտեմբերին սկիզբ առած ամսական «Միտք և արուեստ» յաւելուածին թիւերէն ծաղկաքաղի երկրորդ հատորն է այս մէկը: Առաջինը, կազմուած՝ 1976-1987 տարիներու ընտրանիով մը, լոյս տեսաւ 2018-ին: Զոյգ հատորներուն գրութիւնները կը պատկանին գրական մարզին. ստեղծագործական էջեր, վերլուծութիւններ, գրախօսութիւններ, քննադատականներ, թարգմանութիւններ, և այլն: Այս հատորին մէջ առնուած էջերը հրատարակուած են 1988-2009 տարիներու թիւերուն մէջ. կը խմբեն Սփիւռքէն ու Հայաստանէն շուրջ երեսուն ստորագրութիւն: Բոլորն ալ անտիպ գրութիւոններ եղած են, որոնց առաջին վերահրատարակութեան վայրը այս զոյգ հատորները կ’ըլլան:

Reviews

There are no reviews yet.

Be the first to review “Յառաջ. Միտք և արուեստ, 1988-2009”

Ձեզ էլ. հասցեն չի հրապարակվելու: Պարտադիր դաշտերը նշված են

Կարող է հետաքրքրել...